Ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած հովիւը յանձնուած է ռուսական կողմին

2022-01-14
Image

Ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած 53-ամեայ հովիւ Սուրիկ Մաթեւոսեանը յանձնուած է ռուսական կողմին։ Այս մասին ըսաւ Տեղ համայնքի ղեկավար Դաւիթ Ղուլունցը։

Նշենք, որ ատրպէյճանցիները առեւանգած էին Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի հովիվը` Սուրիկ Մաթեւոսեանը, ոչխարները արածեցնելու ժամանակ։ 

Տեղեկութիւնը յայտնած էր համայնքի աշխատակազմի քարտուղար՝ Արտակ Բաղդագյուլեանը։

«Ռուս սահմանապահներուն արդէն իսկ տեղեակ պահած են դէպքի մասին, եւ բանակցութիւններ կ'ընթանան իրեն վերադարձնելու ուղղութեամբ»,–ըսած էր Բաղդագուլեանը։

Ան նշած էր, որ դէպքը տեղի ունեցած է ժամը 16։00-16։30-ի սահմաններուն, սակայն մանրամասներ յայտնել չի կրնար։ 

Ատրպէյճանցիները տարած են նաեւ հովիվին հօտը՝ 500 ոչխար։