Ատրպէյճնը պէտք է հասկցած ըլլար՝ նման կերպ չի կրնար ոչինչ պարտադրել. պատգամաւորը՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին

Հայաստանէն Արցախ գացող բնական կազի մատակարարման խափանումը կապուած չէ ՌԴ-ի հակամարտութեան մէջ գտնուելուն հետ: Սա ատրպէյճանական հերթական սադրանքն է, որու միջոցով կը փորձեն ճնշումներու ենթարկել Արցախը:
«Հայկական ժամանակի» հետ զրոյցի ընթացքին նման տեսակէտ յայտնեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ պետա-իրաւական մշտական յանձնաժողովի անդամ Վիգէն Խաչատրեանը:
Անդրադառնալով հարցին՝ իսկ արդեօք կազի մատակարարման խափանումը սադրանք չէ՞ նաեւ ՌԴ-ի եւ ռուս խաղաղապահներու նկատմամբ, պատգամաւորը կրկին նշեց, որ սա ճնշման մեթոտ է, որ ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար պիտի կրկնէ. «Մենք դրանց դիմակայելու մեթոտներ պէտք է մտածենք, դրանցից մէկը խաղաղութեան պայմանագրի հաստատումն է»:
Վիգէն Խաչատրեանը կը կարծէ՝ պէտք է ամէն բան ընել, որ միջազգային գործընկերները նկատեն եւ արձագանգեն. «Միջազգային հանրութեան հետ ամենօրեայ աշխատանքներ են տարուում՝ համապատասխան արձագանգներ ապահովելու համար»:
Վիգէն Խաչատրեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի այս տեսակ սադրանքներն արդիւնք պիտի չտան, քանի որ նման եւ այլ բնոյթի սադրանքներ ոչ վաղ անցեալին հայկական կողմը տեսած է:
«Պէտք է դիմակայել այս ծանր իրավիճակում, որպէսզի Ատրպէյճանը համոզուի՝ այս ճանապարհով չի կարող որեւէ պարտադրանք թելադրել: Մութուցուրտ տարիներին էլ մեր ժողովուրդը հերոսաբար դիմակայեց դժուարութիւններին: Ատրպէյճանը պէտք է լաւ հասկացած լինէր, որ այս եղանակներով ոչինչ չի կարող պարտադրել Արցախին»,- նշեց Խաչատրյանը:
Խաչատրեանի խօսքով՝ ստեղծուած իրավիճակին մէջ նաեւ մեծ ընելիք ունին իշխանութիւնները, մասնաւորապէս՝ Արցախի իշխանութիւնը պէտք է ամէն բան ընէ, որ ժողովուրդին համապատասխան օժանդակութիւն ցուցաբերուի: