Ատրպէյճնի յատուկ ծառայութիւնները կը փորձեն տեղեկութիւններ հաւաքել Արցախի շրջափակման հետեւանքներու վերաբերեալ. Արցախի ԱԱԾ

2023-01-09
Image

Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, հետամուտ ըլլալով տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտի մէջ օրէնսդրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթներու եւ լիազօրութիւններու իրականացման, համացանցային տիրոյթի մշտադիտարկմամբ եւ այլ միջոցառումներով բացայայտած է Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման հետեւանքներու վերաբերեալ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու կողմէ տեղեկութիւններու հաւաքագրման փորձեր կատարելու բազմակի դէպքեր: Այս մասին հաղորդած է Արցախի ԱԱԾ-ն:

Օգտագործելով Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներու անուամբ բացուած կեղծ օգտահաշիւներն ու ներթափանցման հնարաւորութիւն ու հասանելիութիւն ստացած ֆէյսպուքեան էջերը, ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները տարբեր հարցեր ուղարկելով կամ ֆէյսպուքեան խումբերուն մէջ գրառումներ կատարելով կը փորձեն հաւաքագրել Արցախի Հանրապետութեան մէջ սնունդի, բացակայող առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքատեսակներու, մարդասիրական օգնութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւններ։

«Խնդրում եւ յորդորում ենք զերծ մնալ սոցիալական ցանցերում Արցախի Հանրապետութեան ներքին ու արտաքին անվտանգութեանն առնչուող հարցերի շուրջ հրապարակային քննարկումներից, տեղեկատւութիւն տրամադրելուց:

Նման նպատակներ հետապնդող հարցեր կամ զանգեր ստանալու կամ գրառումների հանդիպելու դէպքում խնդրում ենք դիմել ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեանը կամ զանգահարել թէժ գծի հեռախօսահամարներին՝ 047-94-41-26 եւ 41-26»,- ըսուած է ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ: