Արայիկ Յարութիւնեանը հանդիպած է Արցախի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն հետ

2022-04-14
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպած է ԱՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ:

Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, քննարկուած են երկրին առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին հիմնական մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները: Միտքեր փոխանակուած են Արցախի ապագային վրայ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակի ազդեցութեան եւ իշխանութիւններու հնարաւոր ընելիքներուն շուրջ: