Արայիկ Յարութիւնեանը պաշտօնէն ազատած է ԱԱԾ տնօրէնը եւ քատրային այլ փոփոխութիւններ կատարած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ստորագրած է հրամանագրեր նոր նշանակումներու եւ ազատումներու մասին:
Հրամանագրերու համաձայն՝ Արարատ Արամայիսի Օհանջանեանն ազատուած է ԱՀ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնէն, իսկ Միքայէլ Հրանդի Հայրիյեանը նշանակուած է ԱՀ առողջապահութեան նախարար:
Կամօ Աբգարի Աղաճանեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ներկայացուցիչ՝ յատուկ յանձնարարութիւններու գծով՝ ազատուելով ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն:
Աշոտ Մելսիկի Յակոբջանեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ներկայացուցիչ՝ յատուկ յանձնարարութիւններու գծով՝ ազատուելով ԱՀ ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն:
Սեփական դիմումներու համաձայն՝ աշխատանքէն ազատուած են ԱՀ նախագահի խորհրդականներ Ռուզաննա Վլատիմիրի Սարգսեանը, Էմիլ Մարտիկի Պապայեանը եւ Կարէն Արմոյի Ներսիսեանը: