Արայիկ Յարութիւնեան ունի մեր խմբակցութեան լիակատար աջակցութիւնը. Մխիթար Հայրապետեան

2020-09-15
Image

Կրթական բարեփոխումները երբեք որեւէ երկրի մէջ հեշտութեամբ չեն տրուած. բնական է, որ պիտի ըլլայ աղմուկ, բայց շատ կարեւոր է, որ խօսինք բովանդակութեան շուրջ: Այս մասին 14 Սեպտեմբերին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Մխիթար Հայրապետեան:

Հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի գործունէութիւնը, ան պատասխանած է. «Շատ ուժեր կը փորձեն օգտուիլ այս իրավիճակէն, թիրախաւորած են գործընկերոջս եւ մոռացած են, որ պէտք է խօսինք բովանդակութեան շուրջ: Արայիկ Յարութիւնեանն ունի մեր խմբակցութեան լիակատար աջակցութիւնը: Մենք մեր մասով առաւելագոյնը պիտի ընենք, որ առողջ քննադատութիւնը առաւելապէս լսելի ըլլայ կառավարութեան համար:

Կան բազամթիւ քննարկումներ, խնդիրներ, որոնց շուրջ մենք կ'ունենանք զրոյցներ գործադիրի մեր գործընկերներուն հետ եւ մեր վէճը բացառապէս գաղափարական է»: Լրագրողներուն հետ զրոյց ժամանակ նշած է ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Մխիթար Հայրապետեան՝ անդրադառնալով «Իմ քայլ»ի պատգամաւոր Արսէն Ճուլֆալաքեանի մանտաթէն հրաժարելու մասին:

«Կայ առողջ համագործակցութիւն ԱԺ-ի եւ կառավարութեան միջեւ: Պարոն Ճուլֆալաքեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ես իրաւունք չեմ  վերապահեր ըսել աւելին, քան ըսեր է ինքը: Ես յոյս ունիմ, որ իր որոշումը կը փոխուի: Ճուլֆալաքեանի հեռացումը խորհրդարանէն կը վնասէ թէ ոլորտին, թէ մեր յանձնաժողովին: Ան եղած է եւ կը մնայ ոլորտի լաւագոյններէն մէկը, փայլուն պատգամաւոր:

Որեւէ մէկը պիտի չշահի, եթէ պարոն Ճուլֆալաքեանը դնէ մանտաթը: Ես իր հետ հանդիպած եմ, յորդորած եմ, որ վերանայի իր որոշումը»: