Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը

2022-04-11
Image

Ապրիլ 11-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը:

Հանդիպման ընթացքին կարեւորուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան դերը` իր մանտաթի շրջանակներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

Քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի` Փառուխ գիւղ եւ մերձակայ հատուածներ, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման արդիւնքով ստեղծուած իրավիճակը: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան համար միտումնաւոր ստեղծուող մարդասիրական խնդիրները եւ Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտումներու ենթարկելուն ուղղուած գործողութիւնները: Ընդգծուած է ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումները` Մարտ 23-ի ելման դիրքեր վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումը` խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Ատրպէյճանի բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ` այդ ծիրին մէջ ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու միջնորդական դերը: