Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին. ԱԳՆ

ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը պիտի մասնակցի Անթալիոյ մէջ կայացուելիք դիւանագիտական ֆորումին։ Այս մասին այսօր յայտնած է ՀՀ ԱԳ Մամլոյ բանբեր՝ Վահան Յունանեան։
Յիշեցնենք՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 20 Յունուարին յայտարարած էր, որ Հայաստանը նոյնպէս հրաւիրուած է 2022 թ. Մարտի 11-13-ը կայացուելիք Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այս կապակցութեամբ ըսած էր, որ մեծ հաւանականութեամբ Հայաստանը կ'ընդունի մասնակցելու հրաւէրը, բայց ամէն ինչ կախուած է այդ պահուն առկայ իրավիճակէն: