Արմէն Եգորեան Պրազիլիոյ մէջ ՀՀ դեսպան նշանակուած է

Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը ՀՀ նախագահը հրամանագիր ստորագրած է Արմէն Եգանեանը Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին:
Արմէն Եգանեան ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգին մէջ աշխատած է 1995 թուականէն:
2011-2017 թուականներուն եղած է Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան: 2017-2018 թուականներուն՝ «Պետական արարողակարգի ծառայութեան» գործակալութեան պետ: 2018-2022 թուականներուն եղած է Արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական ծրագրաւորման վարչութեան պետ, 2020-2023 թուականներուն՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան ամերիկեան երկիրներու վարչութեան պետ, Հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի քարտուղար: