Արմէն Չարչեանն ազատ արձակուեցաւ

Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Վահէ Միսաքեանի, հրապարակած է Արմէն Չարչեանի գործով միջնորդութեան վերաբերեալ իր որոշումը՝ վերացնելով անոր նկատմամբ խափանման միջոց կալանքը: Արմէն Չարչեան ազատ արձակուեցաւ նիստերու դահլիճէն:
Դատաւորը յայտարարեց, որ խափանման միջոց կ'ընտրուի ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին: