Արմէն Չարչեան զրկուեցաւ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

2023-02-09
Image

ՀՀ ազգային ժողովը հաւանութիւն տուաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Չարչեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին գլխաւոր դատախազի ներկայացուցած միջնորդութեան:

Փակ գաղտնի քուէարկութենէն ետք Հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը յայտնեց, որ Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած է 68 պատգամաւոր, մէկ քուէաթերթիկ անվաւեր ճանչցուած է, կողմ քուէարկած է 67 պատգամաւոր:

Չարչեանին առնչուող քրէական վարոյթը, որով դատախազութիւնը կ'ուզէ հանրային քրէական հետապնդում յարուցել, կը վերաբերի «հաց բերող» անունով յայտնի Արթուր Ռոպերթի Սարգսեանի վարոյթին։ Այդ գործով նշանակուած կրկնակի յանձնաժողովային դատաբժշկական փորձաքննութեան յանձնաժողովի կազմին մէջ որպէս փորձագէտ, 2017 թուականի փետրուար 8-ին տուած է կրկնակի դատաբժշկական յանձնաժողովային փորձաքննութեան, ըստ ներկայացուածի՝ կեղծ եզրակացութիւն: