Արշակ Կարապետեանը նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ

2021-07-20
Image

Վարչապետի որոշմամբ՝ Արշակ Կարապետեանը նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ։ Այդ մասին յայտնած է e-gov.am-ը։

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ Արշակ Կարապետեանին նշանակել պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ»,- ըսուած է վարչապետի որոշման մէջ:

Նշենք, որ նախագահը աւելի վաղ ստորագրած էր հրամանագիր, համաձայն որու՝ Արշակ Կարապետեանն ազատուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալի պաշտօնէն։

Յիշեցնենք, որ այդ կապակցութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը առաջարկով դիմած էր նախագահին։