Արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ ամենաերկար պաշտօնավարող տեղակալը

2021-06-03
Image

«ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարում է ամենաերկար պաշտօնավարող տեղակալը»: Այս մասին ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն տեղեկացուցին ի պատասխան «Արմէնփրէս»-ի այն հարցին թէ ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեանի հրաժարականէն ետք արդեօք որու կողմէ պիտի իրականացուին նախարարի պարտականութիւնները: Նաեւ այսօր լրատուականներու կողմէն լուրեր շրջանառուած են ԱԳ նախարարի տեղակալներու հրաժարական ներկայացնելու մասին, արդեօք կը հաստատե՞ն այդ տեղեկութիւնը:

 

«Օրէնքի ուժով նախարարի պարտականութիւնների կատարումն իրականացւում է ամենաերկար պաշտօնավարող տեղակալի կողմից, ինչը չի ենթադրում առանձին իրաւական աքթի ընդունում: Այս պահի դրութեամբ ՀՀ ԱԳ բոլոր փոխնախարարները շարունակում են կատարել իրենց պարտականութիւնները: Մնացածի մասով՝ չենք մեկնաբանում»: