Արցախահայութիւնը քաջ կը գիտակցի խաղաղութեան գինը. Արցախի ԱԺ–ն արտահերթ նիստին յայտարարութիւն ընդունած է

2022-04-14
Image

Քիչ առաջ Արցախի ԱԺ-ն յայտարարութիւնը ընդունեց միաձայն։

Յայտարարութիւն.

«Արցախի Հանրապետութեան ներկայ իրաւա-քաղաքական կարգավիճակը ձեւաւորուած է համաժողովրդական կամքի արտայայտութեամբ ՝ երեք հանրաքուէներու, անոնց իբրեւ արդիւնք ընդունուած Սահմանադրութեան ազդեցութեամբ եւ հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ նախընթաց տարիներուն հաստատուած համազգային համաձայնութեան ճանապարհով։

Արցախահայութիւնը քաջ կը գիտակցի խաղաղութեան գինը: Արցախի պետականութիւնը եւ պատմական հայրենիքի մէջ ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը բացարձակ արժէքներ են, եւ անոնցմէ անգամ պատերազմի սպառնալիքը չի կրնար ետ պահել մեզի:

Հայաստան-ատրպէյճան «խաղաղութեան» օրակարգով՝ Արցախը Ատրպէյճանին բռնակցելու ցանկացած բանակցային գործընթաց ինքնին, ինչպէս նաեւ անկէ բխող փաստաթուղթի ստորագրումը, կը տապալէ ոչ միայն Արցախի պետականութիւնը, այլեւ արցախահայութեան` իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու անքակտելի իրաւունքը:

Կը պահանջենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հրաժարին իրենց ներկայ աղէտալի դիրքորոշումէն եւ առաջնորդուին բացառապէս այս արժէքներով: Ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի «խաղաղութեան» պատրուակով  Արցախի համար անընդունելի կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած ինքնորոշման իրաւունքի բանակցային նշաձողը իջեցնելու:

Արցախահայութեան անունով կը դիմենք

·         Աշխարհասփիւռ հայութեան` այս արդար պայքարին մէջ միասնաբար եւ վճռականօրէն կանգնելու Հայաստանի եւ Արցախի եղբայրներու եւ քոյրերու կողքին:

·         Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մեր գործընկերներուն՝ չշեղելու ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992թ․ Յուլիս 8-ի որոշման ուղեգիծէն։

·         Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավարութեան` մեզի համար խիստ կարեւոր խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքին առիթ չտալ որեւէ մէկուն շահարկելու ծագող խնդիրները` իբրեւ Արցախի ժողովուրդի յետագայ անվտանգութիւնը հարցականի տակ դնելու հիմք:

·          ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն` անկախ առկայ այլ տարաձայնութիւններէն՝ ջանքեր գործադրելու պահպանելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման միակ միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափը։

Ստեփանակերտ

14 Ապրիլ 2022»: