Արցախէն եւս 2 հիւանդ Հայաստան տեղափոխուած է

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ երկու հիւանդներ՝ «Ուղեղիկի աջ կիսագնդի ծաւալային գոյացութիւն, գլխուղեղի այտուց, օգլուզիոն հիդրոցեֆալիա» եւ «Աչքի անօթային թաղանթի չարորակ գոյացութիւն՝ մելանոմա» ախտորոշումներով, օրեր շարունակ կը գտնուէին բժիշկներու հսկողութեան տակ։
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ երկու հիւանդներն այսօր տեղափոխուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։
Այս մասին հաղորդած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը: