Արցախի Ազգային Ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները Ա. Յարութիւնեանի մօտ

2022-12-28
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, 28 դեկտեմբերին, ընդունած է Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ԱԺ նախագահ Արթուր Թովմասեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը, Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեանը:

Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական ու մարդասիրական իրավիճակը եւ ատոր հետ կապուած խնդիրներու լուծման ուղիները: