Արցախի ամբողջ տարածքը զրկուած է կազամատակարարումէ

Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ եկող հիմնական կազատարի վնասման հետեւանքով Արցախի ամբողջ տարածքը զրկուած է կազամատակարարումէ։
Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին տեղեկացուցած է Արցախի հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու եւ իրաւապահ մարմիններու հետ քննարկումներու հետեւանքով պարզուած է, որ կազատարը վնասուած է այն հատուածին, որ կը գտնուի ատրպէյճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ։
«Արցախկազ» ՓԲ ընկերութեան մասնագէտները եւ իրաւապահ մարմինները չեն կարնար յստակ նշել՝ արդեօք վթարը տեղի ունեցած է տեխնիքակա՞ն պատճառներով, թէ՞ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով, պատճառն այն է, որ ատրպէյճանական կողմը կը խոչընդոտէ ե՛ւ Արցախի իրաւապահներու, ե՛ւ կազամատակարարող ընկերութեան մասնագէտներու հասանելիութիւնը վթարի վայր։
Վթարի եւ կազամատակարարման խնդրի մասին տեղեկացուած են Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները, եւ անոնց կողմէ կը վարուին բանակցութիւններ վերականգնման աշխատանքներ սկսելու ուղղութեամբ։
Կազամատակարարման վերականգնման խոչընդոտելը ատրպէյճանական կողմի՝ Արցախի մէջ մարդասիրական բնագաւառի մէջ խնդիրներ յարուցելու եւ բնականոն կեանքը խաթարելու դիտաւորութեան ապացոյցն է: