Արցախի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուած է Արարատ Մելքումեան. ան կը փոխարինէ Վիտալի Բալասանեանը

2023-01-09
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 7 յունուարին ստորագրած է շարք մը հրամանագրեր` կը տեղեկացնեն նախագահի աշխատակազմի գրասենեակէն:

Համաձայն հրամանագրերու՝

Վիթալի Բալասանեանն ազատուած է ԱՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն։ ԱՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուած է Արարատ Մելքումեանը։

Երկրի ղեկավարի նոյն օրուան մէկ այլ հրամանագրով՝ զօրավար-մայոր Արարատ Մելքումեանն ազատուած է ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի առաջին տեղակալի պաշտօնէն: