Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած

2022-03-30
Image

Մարտ 28-29-ի լոյս գիշերը՝ մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00, Արցախի առաջնագիծի երկայնքով հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած եւ մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է լարուած՝ մարման որոշակի դրական միտմամբ:

Ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլխի՝ Փառուխին յարակից հատուածին մէջ ամրացուած նոյն յենակէտերուն մէջ:

Արցախի տեղեկատուական շտաբէն կը յայտնեն, որ Արցախի զինուած ուժերը կը շարունակեն պաշտպանական դիրքերու ամրացման ու թշնամիի զսպման լրացուցիչ միջոցառումներու կատարումը:

Շարունակական աշխատանքներ կը տարուին ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ՝ նպատակաուղղուած ատրպէյճանական հնարաւոր սադրանքներու կանխման եւ ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն:

Արցախի պատկան մարմինները բոլոր հնարաւոր մեխանիզմներով կը հետեւին իրադրութեան ու ատրպէյանական կողմի գործողութիւններուն, եւ, ըստ կարիքի, լրացուցիչ հրապարակումներով պիտի տեղեկացնեն իրավիճակի զարգացումներուն վերաբերեալ: