Արցախի ընտրութիւններուն մեկնող դիտորդները անպայման պէտք է քննուին, որ յանկարծ ժահրը Արցախ չմտնէ. Փաշինեան

2020-03-26
Image

Արցախի մէջ 31 մարտին տեղի պիտի ունենայ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ կը սպասուի դիտորդներու ներկայութիւն Հայաստանէն: Այս մասին, այսօր՝ 26 մարտին, կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Մենք այսօր արդէն ունինք «Քորոնա» ժահրի ստուգման արագ քննութեան սրուակներ: Եկէք պայմանաւորուինք, որ համագործակցինք դիտորդական կազմակերպութիւններու հետ, հասկնանք, թէ արդեօք դիտորդները ռիսքային գօտիներէն են, թէ ոչ: Եթէ ռիսքային գօտիներէն են, խնդրենք անոնց փոխարինել դիտորդները: Նաեւ մեկնումէն առաջ արագ քննուին, որ համոզուած ըլլանք, որ անոնք վարակուած չեն:

Փառք Աստուծոյ, Արցախի մէջ մինչեւ հիմա «Քորոնա» ժահրի ոչ մէկ դէպք յայտնաբերուած է, հակառակ որ տասնեակ մարդիկ հետազօտուած են: Պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ դիտորդական խումբի հետ «Քորոնա» ժահրը Արցախ մուտք չգործէ»,-ըսած է վարչապետը: