Արցախի Խրամորթ գիւղին մէջ Ատրպէյճանի բացած կրակին հետեւանքով մէկ քաղաքացի վիրաւորուած է

2022-03-10
Image

Արցախի Խրամորթ գիւղին մէջ Ատրպէյճանի բացած կրակին հետեւանքով մէկ քաղաքացի վիրաւորուած է։ 

Այս մասին տեղեկութիւնը հաստատած է Ասկերանի շրջանի ոստիկանութիւնը, նշելով նաեւ, որ վիրաւորուածը 51-ամեայ Սուրէն Պաղտասարեանն է, որ վիրաւորում ստացած է մէջքի հատուածէն։

Քաղաքացին փոխադրուած է բուժկէտ եւ անոր կեանքին վտանգ մը չ՚ըսպառնար։

Կը նշուի, նաեւ որ Պաղտասարեան գիւղատնտեսական աշխատանքներ կը կատարէր։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն Հայաստանի եւ Արցախի որոշ սահմանային որոշ հատուածներու վրայ երեւելի դարձած է լարուած դրութիւն, որուն պատասխանատուն ատրպէյճանեան ուժերն են։