Արցախի կարգավիճակի նիւթին շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ սկզբունքային տարակարծութիւններ կան. Զախարովա

2022-04-28
Image

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարած է, որ Ռուսիան բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ համաձայնագիրները կը նկատէ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յառաջխաղացման հիմք եւ կը շարունակէ եռանդուն կերպով աշխատիլ Պաքուի եւ Երեւանի հետ բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակումը, հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը:

«Ռուսական կողմը կ՛ընդգծէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի` իրարու ընդառաջ շարժելու պատրաստակամութիւնը, այդ նիւթով եռակողմ հաղորդակցութիւնները կը մշակուին բարձր մակարդակով», աւելցուցած է ան:

«Խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան հարցին մէջ աջակցելով Երեւանին եւ Պաքուին` ռուսական կողմը կ՛առաջնորդուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հիմնարար սկզբունքներուն վերաբերեալ առաջարկներով», աւելցուցած է Զախարովա:

«Յիշեցնեմ, որ անոնք նախապատրաստուած էին Պաքուի մէջ եւ կառուցողական արձագանգ ստացած Երեւանէն: Մենք կը կարծենք, որ անոնք լաւ հիմք են դիրքորոշումներու ներդաշնակման համար: Կարգավիճակի նիւթին շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ սկզբունքային տարակարծութիւններ կան: Մենք մեր դերը կը տեսնենք կողմերու մերձեցման օգնելու հարցին մէջ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: