Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Մարալ Նաճարեանի հետ

2021-04-08
Image

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ատրպէյճանական գերեվարութենէն վերջերս վերադարձած լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի հետ։

Այս մասին Գեղամ Ստեփանեանը կը տեղեկացնէ դիմատետրեան իր էջի միջոցաւ։

«Այսօր խօսել եմ Մարալ Նաճարեանի հետ եւ շնորհաւորել նրան Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնի առթիւ: Ուրախ էի տեղեկանալ, որ ատրպէյճանական գերութիւնից յետոյ Մարալն արդէն կազդուրուում է եւ վերադառնում առօրեայ կեանքի:

Այս օրերին մեր մտքերում գերեվարուած հայրենակիցներին շուտափոյթ հայրենիք վերադարձնելու առաջնահերթ ցանկութիւնն է»,- գրած է Արցախի ՄԻՊ-ը: