Արցախի մէջ եւս 1 երեխայ տեղափոխուած է վերակենդանացման բաժին

Արցախի «Արեւիկ» բժշկակաբ կեդրոնին մէջ վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած է եւս 1 երեխայ, իսկ Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ եւս 1 բուժառուի վիճակը վատթարացած է։ Անոր վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Նշենք, որ 26 դեկտեմբերի դրութեամբ «Արեւիկ» հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ 10 երեխայ կար, իսկ «Հանրապետական» հիւանդանոցին մէջ 4 քաղաքացիի վիճակը կը գնահատուէր ծայրայեղ ծանր։
««Արեւիկ» բուժմիաւորումում 11 երեխայ գտնւում է նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներում:«Հանրապետական բժշկական կեդրոնում 10 բուժառու գտնւում են վերակենդանացման բաժանմունքում, որից 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակում են»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է նաեւ, որ հանրապետութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրուած վիրահատութիւնները։
«Ներքին օրկաններու լէիշմանախտ» ախտորոշմամբ 4 ամսական արցախցի փոքրիկն ալ, որուն Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ օրերս տեղափոխած էին Հայաստան, կը շարունակէ բուժում ստանալ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոնի մէջ։ Անոր վիճակը կը կայունանայ: