Արցախի մէջ ձեւաւորուած է աշխատանքային 6 խումբ, կը կատարուի վնասներու չափագրում եւ գոյքագրում

2020-11-19
Image

Պատերազմէն տուժած Ստեփանակերտն ու միւս բնակավայրերը կարճ ժամանակահատուածի մէջ պիտի վերականգնուին:

Այս ուղղութեամբ Արցախի Հանրապետութեան ու Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ գործնական ու յստակ քայլեր կը կատարուին:

Երէկ ձեւաւորուած է աշխատանքային 6 խումբ: Այս մասին յայտնած է ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։

Վերջիններս Ստեփանակերտի մէջ, շրջակայ կեդրոններուն եւ գիւղական համայնքներուն մէջ կը կատարեն վնասներու չափագրում եւ գոյքագրում, որուն անմիջապէս պիտի յաջորդէ աշխոյժ շինարարութիւնը:

Աշխատանքային խումբերու մէջ ընդգրկուած են ԱՀ ԱԻ պետական ծառայութեան, ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայողները, ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի շինարարութեան մասով ներկայացուցիչները: