Արցախի մէջ 19-ամեայ զինուոր զոհուած է

2021-12-06
Image

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Դեկտեմբեր 5-ին ժամը 21:20-ի սահմաններուն պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, տակաւին չպարզուած հանգամանքներու մէջ հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է ժամկէտային զինուոր՝  2002-ի ծնունդ Գոռ Էտուարտի Մարտիրոսեանը:

Դէպքին մանրամանսերը պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: