Արցախի մէջ 20 յունուարէն սննդամթերքի որոշ տեսակներ պիտի վաճառուին միայն կտրոնով

20 Յունուարէն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան մէջ պիտի գործէ սննդամթերքի որոշ տեսակներու ձեռքբերման նոր կարգ: Այս մասին ըսուած է Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան պատրաստած ռեփորթաժով:
Բրինձը, մաքարոնեղէնը, հնդկաձաւարը, շաքարը եւ ձէթը պիտի վաճառուին միայն կտրոնով:
Կտրոններու տրամադրումը պիտի սկսի 17 յունուարին: Մայրաքաղաքին մէջ սպասարկման կէտեր պիտի գործեն հանրակրթական բոլոր դպրոցներու եւ Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Ընդհանուր առմամբ 19 կէտ պիտի գործէ:
Շրջանի կեդրոններու բնակիչները կտրոն կրնան ստանալ իրենց շրջանի վարչակազմի շէնքերէն, իսկ գիւղական բնակավայրեր ապրողները՝ իրենց համայնքապետարաններէն:
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով: