Արցախի պաշարման վերջ տալու նպատակով՝ համացանցային արշաւ

2023-01-13
Image

Մինչ 120,000 արցախահայեր արդէն երկրորդ ամիսն ըլլալով կը շարունակեն շրջափակուած մնալ Ատրպէյճանի պարտադրած ապօրինի պաշարումին պատճառով, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը ձեռնարկած է զանազան միջոցառումներու՝ արդարութեան պահանջի եւ բողոքի իր ձայնը բարձրացնելով յանուն Արցախի ապահովութեան: Այդ քայլերէն մէկն է համացանցային յատուկ կայքի մը հաստատումը, որ առիթ կ՛ընծայէ դիմելու Սպիտակ տան եւ նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պահանջելով անկէ, որ անմիջական քայլերու դիմէ՝ վերջ դնելու համար Արցախի պաշարման։

Այցելեց՛էք կայքը՝ հայութեան ձայնը աւելի ազդու կերպով լսելի դարձնելու եւ պահանջելու Ուաշինկթընէն, որ խստօրէն դատապարտէ Պաքուի քայլերը եւ ապահովէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին վերաբացումը։ Արշաւին միջոցաւ նաեւ կոչ կ՛ըլլայ առնուազն 100 միլիոն տոլարի անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու Արցախի հայութեան մարդասիրական կարիքներուն եւ բարձրաստիճան առաքելութիւն մը ուղարկելու միջանցքը, տեղւոյն վրայ արժեւորելու համար կացութիւնը։ 

Նաեւ Պաքուի դէմ պատժական քայլեր կը պահանջուին եւ Արցախի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժի մը հաստատումը կենսական կը նկատուի։