Արցախի պատգամաւորները Փութինին, Պայտընին եւ Մաքրոնին կոչ ըրած են օգնելու Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հարցով

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորները՝ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորութեամբ, դիմած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու առաջնորդներ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին, ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին՝ կոչ ընելով յստակ գործողութիւններ կիրառելու Լաչինի միջանցքի բացման կամ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ուղղութեամբ:
Արցախի ԱԺ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ պատգամաւորներու խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.
«Այսօր 25 -րդ օրն է, ինչ շարունակւում է փակ մնալ Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը:
Արցախեան հիմնախնդիրը միակ հակամարտութիւնն էր, որի մասին ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի բոլոր համանախագահող երկրները գրեթէ նոյն տեսակէտն ունէին: Հումանիտար աննախադէպ աղէտի առջեւ կանգնած Արցախի ժողովուրդը, մեծ հաշուով, ոչ միայն հասցէական յայտարարութիւնների կարիք ունի, այլեւ, կարծում ենք, այդ ուղղութեամբ գործուն ու տեսանելի քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը կայ: Առողջական ծանր խնդիրներով հիւանդները զրկուած են անհրաժեշտ դեղորայքից եւ առողջապահական ծառայութիւններից, Արցախը զրկուած է մանկական սննդի եւ պարէնային ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքների մատակարարումից:
Կոչ ենք անում քաղաքակիրթ աշխարհին, մասնաւորապէս՝ Մինսքի խմբի համանախագահող երկրներին, կոնկրետ գործողութիւններ կիրառել միջանցքի բացման կամ օդային կամրջի՝ Ստեփանակերտի օդանաւակայանի գործարկման ուղղութեամբ, ինչը թոյլ կը տայ ձմեռային ժամանակաշրջանում փոքր-ինչ կանխելու Արցախում առկայ հումանիտար տագնապալի ճգնաժամը»: