Արցախի պետական պահուստային պաշարներէն որոշ ապրանքատեսակներ պիտի մատակարարուին խանութներուն

2023-01-03
Image

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, Օպերատիւ (արագ արձագանգման) շտաբի պետ Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ այսօր՝ 3 յունուարին, տեղի ունեցած շտաբի նիստին քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակման պայմաններու մէջ բնակչութեան կենսագործունէութեան եւ առաջնային կարիքներու ապահովման վերաբերող հարցեր:

Ինչպէն կը տեղեկացնեն Արցախի տեղեկատուական շտաբէն, պետական նախարարին զեկուցուած է պարէնային ապրանքներու, դեղորայքի, պենզինի եւ վառելիքի շուկաներու մէջ ընթացիկ իրավիճակը, ներկայացուած են խնդիրները:

Նշուած է, որ բնակչութեան առաջնային կարիքներու ապահովման համար պետական պահուստային պաշարներէն որոշ ապրանքատեսակներու մատակարարում պիտի իրականացուի խանութներուն: Պետական նախարարը կարեւորած է ապրանքատեսակներու համաչափ բաշխումը, որպէսզի բնակչութիւնը հնարաւորութիւն ունենայ զանոնք ձեռք բերել բոլոր խանութներէն:

Ռուբէն Վարդանեանն ստեղծուած իրավիճակին մէջ  ընդգծած է նաեւ  բնակչութեան հետ ուղիղ շփումներու կարեւորութիւնը եւ յանձնարարած է Օպերատիւ շտապի խումբ մը անդամներու, ԱԺ ժողովի պատգամաւորներու հետ միասին, հանդիպումներ ունենալ շրջաններու եւ համայնքներու մէջ՝ բնակչութեան տեղեկացնելու համար իրավիճակի, Արցախի իշխանութիւններու եւ Օպերատիւ շտաբի կողմէ  իրականացուող քայլերու ու ձեռնարկուող միջոցառումներու մասին:

«Կարեւոր է, որպէսզի բնակչութիւնը հենց առաջին ձեռքից իմանայ թէ՛ իրավիճակի, թէ՛ կատարուող աշխատանքների մասին: Դա կ'օգնի նրանց աւելի լաւ հասկանալ  իրավիճակը եւ,  անհրաժեշտութեան դէպքում, մասնակից լինել խնդիրների լուծմանը, ինչպէս նաեւ տուրք չտալ ադրբեջանական ապատեղեկատւութեանը»,-ընդգծած է Ռուբէն Վարդանեան: