Արցախ հասցուած դեղորայքը պիտի բաշխուի բուժհաստատութիւններուն՝ բաւարարելով 10 օրուան պահանջարկը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Արցախ ուղարկուած 10 թոն մարդասիրական բեռը կը բաւարարէ 10 օրուան պահանջարկը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին 25 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Հայաստանը 10 թոն մարդասիրական բեռ ուղարկած է Արցախ։
«Հայաստանից ԼՂ ուղարկուած 10 թոննա հումանիտար բեռը՝ դեղորայք, մանկական կեր, բուժօգնութեան համար նախատեսուած պարագաները, կը բաւարարեն 10 օրուայ պահանջարկը»,–ըսուած է առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։