Բանակի 2-րդ գումարտակի հրամանատարը ազատուած է աշխատանքէն

2023-01-19
Image

2–րդ բանակային գումարտակի հրամանատարը ազատուած է պաշտօնէն։ Այս մասին ըսուած է Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրին մէջ․

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի 40-րդ յօդուածի 3-րդ մասի.

Վահրամ Գրիգորեանին ազատել 2-րդ բանակային կորպուսի հրամանատարի պաշտօնից»:

Յիշեցնենք, որ 19 յունուարին՝ ժամը 01:30-ի սահմաններուն, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ հրդեհ բռնկած է Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ինժեներա-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ։

Նախնական տուեալներով՝ ՊՆ N զօրամասի ճարտարապետա-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով զոհուած է 15 զինծառայող, 3 զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր: