Բոլոր նախանշանները կան` Ատրպէյճանը հերթական ռազմական սադրանքը կը պատրաստէ. Փաշինեան

Լաչինի միջանցքի՝ շուրջ 18 օր փակ ըլլալու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը օրէ օր կը սրի։ Լեռնային Ղարաբաղի հարիւրաւոր ընտանիքներ կը շարունակեն մնալ կիսուած՝ յայտնուած ըլլալով շրջափակման տարբեր կողմեր։ Առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու պակասը կը դառնայ աւելի ու աւելի զգալի։ Խանութներու ցուցափեղկերը դատարկ են, հանրային խանութներուն սնունդի մատակարարման սահմանափակումներ կը մտցուին, հանրութիւնը կը գտնուի ընկերային-հոգեբանական լարուած վիճակի մէջ։ Այս մասին Կառավարութեան նիստին ըսած Նիկոլ Փաշինեան։
Ան նշած է, որ պիտի ձեւաւորուի աշխատանքային խումբ՝ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ։
«Բոլոր նախանշանները կան պնդելու, որ Ատրպէյճանը հերթական ռազմական սադրանքն է պատրաստում, այդ թուում՝ Լեռնային Ղարաբաղում։ Պիտի անկեղծ ասեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԼՂ-ում ռուս խաղաղապահների ներկայութեան համոզուած կողմնակիցն է ու այդ ներկայութեան ջատագովը, բայց մեզ համար անընդունելի է ԼՂ հայաթափման լուռ վկայ դառնալու ռուս խաղաղապահների աւելի ու աւելի տեսանելի դարձող գործելակերպը։ Ամէն դէպքում, մենք այս հարցերի պարզաբանման շուրջ պէտք է սերտօրէն աշխատենք ՌԴ ու միւս միջազգային գործընկերների հետ՝ իրադրութեան հետագայ սրում թոյլ չտալու ու համապարփակ կարգաւորումների հասնելու համար»,- ընդգծած է վարչապետը։