Գաբրիէլ Սարգսեան պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցի շախմատիստը

2022-04-06
Image

Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող շախմատի Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան նախավերջին փուլին Հայաստանի հաւաքականի առաջատար Գաբրիէլ Սարգսեանը սպիտակ քարերով պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցի Ապտուլլա Կատիմպայլին եւ 8 միաւորով ընթացիկ առաջատարն է:

Զայն շրջանցելու հնարաւորութիւն ունի միայն գերմանացի Մաթիաս Պլիւպաումը, որ 10-րդ փուլին այժմ կը մրցի ֆրանսացի Մաքսիմ Լակարտի հետ: Պլիւպաումը նախավերջին փուլէն առաջ 7,5 միաւորով միանձնեայ առաջատարն էր:

Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է մէկ փուլ: