Գերեվարուած զինուորը տուն վերադարձած է

2021-06-09
Image

Մոլորուած եւ գերի ինկած հայ զինծառայողը վերադարձուած է: Այս մասին յայտնած է Գորիսի փոխքաղաքապետ Մենուա Յովսէփեանը:

Նշենք, որ  ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնած էր, որ ԶՈւ N զօրամասի պայմանագրային զինծառայող, շարքային Արթուր Քաթանեանը, մառախուղի պատճառով ապակողմնորոշուելով տեղանքին մէջ, յայտնուած է Ատրպէյճանի ԶՈւ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ:

Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը պնդէ, որ ՀՀ զինուած ուժերու ներթափանցող-հետախուզական խումբը, օգտուելով եղանակային անբարենպաստ պայմաններէն, 8 Յունիսին հատած է շփման գիծը Լաչինի շրջանի տարածքին մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած էր այս լուրը։

Ինչպէս կը յայտնէ Sputnik Արմենիան՝ մառախուղի պատճառով մոլորուած եւ Ատրպէյճանի ԶՈւ վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ յայտնուած զինծառայող Արթուր Քաթանեանը Սիւնիքի մարզէն է։

Զինծառայողի բնակութեան համայնքի ղեկավարը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է` Արթուրը շուրջ 3 տարի է պայմանագրային զինծառայող է։

«Դէպքը տեղի է ունեցել ծառայութեան ժամանակ եղանակի պատճառով։ Բաւական ամպամած էր, մոլորուել է։ Տարածքում, որտեղ եղել է Արթուրը, դիրքերը բաւական մօտ են, զինուորները գրեթէ իրար դէմ դիմաց են կանգնած»,–ըսած է համայնքի ղեկավարը։

Անոր խօսքով` Արթուրը 25 տարեկան է, ամուսնացած չէ` ծնողներուն հետ կ'ապրի։ Արթուրի ծնողներուն դէպքի մասին յայտնած են։ Այս պահուն, ըստ համայնքի ղեկավարի, բանակցութիւններ կ'ընթանան, որ ատրպէյճանական կողմը վերադարձնէ Արթուրը։