Գերիներու վերադարձի հարցով կը զբաղի անձամբ ՌԴ նախագահը. ՌԴ դեսպան

2021-02-09
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած հայերու հարցով կը զբաղուի անձամբ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին Քոփիրքինը խօսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:

Դեսպանը նշած է, որ հայ գերիներու վերադարձը 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է: «Ես չեմ չափազանցներ, սա այն հարցն է, որով անձամբ կը զբաղի մեր երկրի նախագահը, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները: Այս հարցի լուծումը, հնարաւոր է, չըլլայ այնքան շուտ, որքան կը սպասենք, բայց հաւատացէք, առաւելագոյնը կը կատարուի, ես վստահ եմ՝ այն հաստատ պիտի լուծուի»,- ըսած է ՌԴ դեսպանը: