Գերմանիայէն կարեւոր քայլ. Վաւերացուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ համաձայնագիրը

2019-08-27
Image

Գերմանիան Եւրոպական Միութեան խորհուրդին յայտնած է, թէ աւարտած է  Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործողութիւններու համաձայնագրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերը։

    Այս մասին «Ֆեյսբուք»-ի իր էջի վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

«23 Օգոստոսին Գերմանիան ԵՄ խորհուրդին յայտնած է Գերմանիոյ կողմէ  ՀՀ- ԵՄ  համապարփակ համաձայնագրի վաւերացման համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերու  աւարտը»,- գրած է Նաղդալեանը:

 Յիշեցնենք, որ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսէլի մէջ 24 Նոյեմբեր 2017-ին: Համաձայնագիրը վաւերացուցած են Պուլկարիան, Դանիան, Էստոնիան, Լիթվանիան, Լատվիան, Լիւքսեմպուրկը, Մալթան, Լեհաստանը, Ռումանիան, Գերմանիան, Ֆինլանտան, Հունգարիան, Շուէտը, Սլովաքիան  եւ Կիպրոսը: Համաձայնագիրը վաւերացուցած է նաեւ Հայաստանը։