Գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է. ՊԲ

Գիշերուան ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է: Մարտավարական իրադրութեան մէջ էական փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած:
Լուսադէմին թշնամական ուժերը, հերթական անգամ խախտելով մարդասիրական հրադադարը, վերսկսած են հրթիռահրետանային հարուածները խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Առաւել ուժգին հարուածներ հասցուած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն:
ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդի կրակը լռեցնելու ուղղութեամբ դիմած են համարժէք գործողութիւններու:
Ներկայ պահուն մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ: