Գրիգորեան-Հաճիեւ հանդիպում

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ։ Հանդիպման մասնակցած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ այս մասին յայտնած է իր թուիթըրեան էջին։
«Պրիւքսէլի մէջ արդիւնաւէտ եւ բովանդակալից քննարկումներ տեղի ունեցած են Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Արմէն Գրիգորեանի հետ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ու ԵՄ մասնակցութեան թեմայով»,- գրած է Թոյվօ Քլաարը։