ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի` Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները այցելած են զօրամաս. «Սու-30սմ»-ները իրենց տեղն են

2022-04-01
Image

Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու ռազմական կցորդները այցելած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N օդանաւային զօրամաս: Հրամանատար, օդագնացութեան գնդապետ Սամուէլ Թաւադեան օտարերկրեայ հիւրերը ծանօթացուցած է զօրամասի առօրեայ գործունէութեան եւ պատասխանած է անոնց հետաքրքրող հարցերուն: Այնուհետեւ ռազմական կցորդները շրջայց կատարած են զօրամասի տարածքին ծանօթացած օդային սպառազինութեան ու ռազմական սարքերուն:

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ անոնց համար աւելի մեծ հետաքրքրութիւններկայացուցած են «Սու-30սմ» (Су-30СМ) օդանաւները: Ռազմական կցորդները, ըստ հաղորդագրութեան, նշած են, որ այցին շնորհիւ իրենք կրկին համոզուած են, որ բոլոր 4 «Սու-30» օդանաւները իրենց տեղն են, եւ որ ատրպէյճանական ու թրքական մամուլին մէջ շրջանառուող այն տեղեկութիւնները, որ անոնք կը մասնակցին Ուքրանիոյ մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւններուն, չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Յիշեցնենք, որ օրրերս Թուրքիոյ մէջ հեռարձակուող ատրպէյճանական «Haber Global» հեռուստաընկերութիւնը, յղում կատարելով Թուրքիոյ հետախուզութեան անյայտ աղբիւրներուն, յայտնածէր, որ Հայաստանը Ռուսաստանին փոխանցած է չորս «Սու-30» ինքնաթիռ` Ուքրանիոյ դէմ մարտական գործողութիւններու ընթացքին կիրառելու նպատակով, ինչը թէ՛ ՀՀ Պաշտպաութեան նախարարութիւնը, թէ՛ Հայաստանի վարչապետը հերքած են: