Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը կը փորձէ շահարկել ԼՂ վերաբերեալ համաձայնագրի թեման. Լաւրով

2020-11-12
Image

ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովն այսօր լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն:

«Մենք կը տեսնենք Երեւանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, կը տեսնենք՝ որքան ընդդիմութիւնը կը փորձէ շահարկել այս իրավիճակը: Ի հարկէ, այնտեղ կան նաեւ ազնիւ մարդիկ, որոնք կը ցաւին, որ ամէն ինչ այսպէս վերջացաւ»,- ըսած է ան:

Լաւրովի խօսքով՝ պատրանքները, թէ 7 շրջանը միշտ պէտք է մնային այն վիճակի մէջ, որուն մէջ էին դեռ 1,5 - 2 ամիս առաջ, պէտք է չըլլային:

«Պատասխանատու իշխանութիւնները պէտք է ժողովուրդին բացատրէին, որ ինչ-որ փուլի այդ պէտք է իրագործուի՝ համաձայն այն սկզբունքներուն, որ երկար տարիներ բանակցային սեղանին էին եւ կը բանային ԼՂ խնդրի կարգաւորման իտէալական ուղի՝ առանց արեան, առանց որեւէ մէկու անվտանգութեան վնաս հասցնելու, առաջին հերթին՝ ԼՂ հայերու եւ այլ էթնիք խումբերու, որ կ'ապրէին այնտեղ, շահաւէտ էին նաեւ ՀՀ եւ Ատրպէյճանի համար, պիտի ըլլար հաղորդակցման ապախափանման, այս ամէնը պէտք է դրական դեր խաղար առաջին հերթին ՀՀ տնտեսութեան համար, որ կը տուժէ այս սահմանափակումներէն»,- նշած է ան:

ՌԴ ԱԳ նախարարը յայտնած է՝ այժմ այս կապերը կը վերականգնուին, ՀՀ տնտեսութիւնը պէտք է ազատ շնչէ, պէտք է ըլլայ ՀՀ գործընկերներու հետ փոխադրային կապ:

«Եթէ ընենք այն ամէնը, ինչ պայմանաւորուեր ենք, իսկ ես դեռ նշաններ չեմ տեսներ, որ ինչ-որ մէկը փորձէ խախտել պայմանաւորուածութիւնը, բոլորը կը շահին: Մենք շփումի մէջ ենք մեր հայ գործընկերներուն հետ՝ երէկ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը զրուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, ես այսօր զրուցեր եմ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ: Վստահ եմ, որ հայկական կառավարութիւնը կը հասկնայ իր պատասխանատւութեան չափը, կը հասկնայ, որ սա ստորագրեր է՝ իր ազգի շահերը հաշուի առնելով, յոյսով եմ՝ կը պահպանուի այս համաձայնագրի ամբողջականութիւնը եւ կ'իրականացուի»,-ըսած է Լաւրովը:

Ան նաեւ նշած է՝ կը տեսնէ շատ քաղաքական ուժեր, որ կը հասկնան տեղի ունեցածը եւ ճիշդ եզրակացութիւններ կ'ընեն: