Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի 71 յարկանի երկնաքեր՝ անմոռուկի տեսքով

2019-08-21
Image

Երեւանի մէջ 270 մեթր բարձրութեամբ, 71 յարկանի երկնաքեր պիտի կառուցուի: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է նախագիծի նախաձեռնող «Լաուրա ինվեսթմընթ» ընկերութեան տնօրէն Մերի Մկրտչեանը:

«Ծրագրի մշակումը արդէն աւարտին մօտեցած է, եւ կը սկսին նախագծային աշխատանքները, որոնք պիտի տեւեն մօտ 2 տարի, եւ անկէ ետք մինչեւ 5 տարի շինարարական աշխատանքներ պիտի ընթանան: Այն ոչ միայն բազմագործօն բնակելի համալիր է, այլ ինչպէս մենք կը նախատեսենք, այնտեղ 200 հեքթարի վրայ պիտի ըլլան ծիրանի այգիներ, խաղահրապարակներ, ընտանեկան հանգիստի գօտի եւ ճոպանուղի: Այդ ամէնը՝ մատչելի պայմաններով»,- ըսած է Մկրտչեանը:

Մերի Մկրտչեանը նշած է, որ սեյսմիկ բոլոր վտանգները հաշուարկուած են, եւ շինութիւնը պիտի ըլլայ անվտանգ: Շինարարական աշխատանքներու ընթացքին պիտի ստեղծուի շուրջ 1300 աշխատատեղ, իսկ անոնց աւարտէն ետք, ըստ նախնական հաշուարկներու, 2500 աշխատատեղ պիտի բացուի շէնքի շահագործման հետ մէկտեղ:

Բազմագործօն համալիրի կառուցման համար մօտ 270 միլիոն տոլարի ներդրում կը նախատեսուի: Մերի Մկրտչեանը նշած է, որ իրենք յառաջիկային կը ծրագրեն համագործակցիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Պայնոնա ճարտարապետական խորհրդատւութիւն» ընկերութեան հետ, որուն հետ յուշագիր ստորագրած են:

«  «Պայնոնա»-ն, քանի որ առաջադէմ է իրենց տարածաշրջանին մէջ եւ բաւականին մեծ փորձ ունի, մենք կը փորձենք իրենց հետ համատեղ գործունէութիւն ծաւալել»,- նշած է Մկրտչեանը:

Համալիրը պիտի կոչուի «Անմոռուկ», այն պիտի կառուցուի մայրաքաղաքի հարաւային մասին մէջ, Ծովակալ Իսակովի պողոտայի հարեւանութեամբ: