Երեւանի ցոյցերու մասնակից 11 քաղաքացի բերման ենթարկուած է, 2-ը՝ զէնք պահելու կասկածանքով․ Ոստիկանութիւն

Երեւանի մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցերու մասնակից 11 քաղաքացի այսօր բերման ենթարկուած է, 2-ը՝ զէնք պահելու կասկածանքով։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ ոստիկանութենէն։
«9 քաղաքացի բերման է ենթարկուել վարչական իրաւախախտումների վերաբերեալ օրէնսգրքի 182 յօդուածով նախատեսուած արարքի համար՝ ոստիկանութեան ծառայողի օրինական պահանջը չկատարելը, եւս երկու անձ բերման է ենթարկուել զյնք պահելու կասկածանքով»,- յայտնած են ոստիկանութենէն:
Նշենք, որ 17 Ապրիլէն ընդդիմադիր տարբեր ուժեր յայտարարած են անժամկէտ բողոքի ցոյցերու մասին: