Զոհրապ Մնացականեան հանդիպած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիին հետ

Պաշտօնական այցով Եգիպտոս գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեան 14 Սեպտեմբերին հանդիպած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ՝ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիի հետ:
Հայաստանի ԱԳՆ-ը կը յայտնէ, որ Մնացականեան վերահաստատած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը քայլեր ձեռնարկելու հայ-եգիպտական համագործակցութեան առաւել ընդլայնման եւ ամրապնդման շուրջ։ Որպէս համագործակցութեան գերակայ ուղղութիւններ` զրուցակիցները առանձնացուցած են տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ելեկտրոնային կառավարման, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ գիտակրթական ոլորտները:
Հայաստանի ԱԳ նախարարը եւ Եգիպտոսի նախագահը բարձր գնահատած են աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները՝ արժեւորելով եգիպտահայ համայնքի կամրջող դերակատարութիւնը երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերի ամրապնդման գործով: Մնացականեան արժեւորած է Եգիպտոսի պատմական դերը եւ ներկայի փորձառութիւնը կրօնական բազմազանութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ու ամրապնդման գործով:
Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակ։ Այս առնչութեամբ Հայաստանի ԱԳ նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի անկայունութիւն արտահանելու փորձերու առնչութեամբ, կարեւորելով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման միտուած միջազգային համագործակցութիւնը:
Զոհրապ Մնացականեան Եգիպտոսի մէջ, այդ երկրի Արտաքին Գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ, պատասխանելով «Սքայ Նիւզ Արապիա»-ի հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Թուրքիոյ վարքագիծը Կովկասի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, եւ արդեօ՞ք այդ վարքագիծը վտանգ կը ներկայացնէ, թէ՞ ոչ:
«Ի հարկէ մենք ականատես ենք լինում իրենց կողմից ռազմական կուտակման փորձերի: Մենք տեղեկութիւններ ենք ստանում օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալների օգտագործման մասին, ովքեր տեղափոխուելու են Ատրպէյճան կամ գուցէ արդէն իսկ տեղափոխուել են: Մենք ականատես ենք լինում մեծ ռազմական ներկայութեան, ռազմական ամրապնդման: Այս ամէնը հենց այն գործողութիւններն են, որոնք խաթարում են տարածաշրջանում խաղաղութեանը եւ կայունութեանն ուղղուած ջանքերը», – շեշտած է Հայաստանի ԱԳ նախարարը: