Զուրապիշվիլին առողջութիւն մաղթեց Փաշինեանին

2020-06-01
Image

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր ընտանիքին:

«Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր ընտանիքին»,-գրած է ան Թուիթթըրի իր էջին:

Յիշեցնենք, որ 1 յունիսին Փաշինեանը յայտարարած է, որ ինքն ու իր ընտանիքը վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: