Զօրամասի մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով 15 զինծառայող զոհուած է. ՊՆ

ՊՆ N զօրամասի ճարտարապետա-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով զոհուած է 15 զինծառայող, 3 զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր:
Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը` նշելով, որ տուեալները նախնական են։
Յիշեցնենք` աւելի վաղ ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութենէն յայտնած էին, որ 19 յունուարին՝ ժամը 01:30-ի սահմաններուն, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ հրդեհ բռնկած է Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ինժեներա-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ։
Հաղորդուած էր, որ հակառակ որ դէպքի վայրին մէջ ծաւալուած են հրդեհաշիջման աշխատանքներ, սակայն հրդեհի հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ։