Էտմոն Մարուքեան նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ ՀՀ ԱԺ նախկին պատգամաւոր, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը նշանակուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։
Որոշման մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Ղեկավարուելով «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 16-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ Էտմոն Մարուքեանին նշանակել յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան»: