Էրտողանի գլխաւորած դաշինքը խորհրդարանական մեծամասնութիւն պիտի կազմէ

2023-05-15
Image

Էրտողանի կուսակցութեան գլխաւորած դաշինքը խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն պիտի ստանայ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է թրքական TRT հեռուստաալիքը։ Թուրքիոյ ընտրատեղամասերէն ստացած նախնական տուեալներով՝ դաշինքը խորհրդարանական աւելի քան 320 տեղ պիտի ստանայ, այսինքն կէսէն աւելին։

Նշենք, որ Թուրքիոյ բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը՝ մեճլիսը, ունի 600 տեղ։ Պատգամաւորները կ'ընտրուին հինգ տարի ժամկէտով միասնական ընտրութիւններուն՝ համամասնական կուսակցական ցուցակներով, ինչպէս նաեւ 85 ընտրատարածքներու մէջ` մեծամասնական ընտրակարգով: Բնակչութեան թուաքանակը հաշուի առնելով`Իսթանպուլը կ'ընդգրկէ 3 ընտրատարածք, իսկ Անգարան եւ Իզմիրը՝ 2– ական ընտրատարածք ։ Խորհրդարանէն ներս ներկայացուած են միայն 10 տոկոսէն աւելի ձայներ հաւաքած կուսակցութիւնները ։