Ընդգծուեցաւ Հայաստանի գրանցած զգալի առաջընթացը. ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած է ՏԻՄ ընտրութիւններու վերաբերեալ

2021-12-07
Image

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը յայտարարութիւն տարածած է 2021-ի ՏԻՄ ընտրութիւններուն վերաբերեալ․

«Մենք բարձր կը գնահատենք հայ ժողովուրդին մասնակցութիւնը Հոկտեմբեր 17-ին, Նոյեմբեր 14-ին եւ Դեկտեմբեր 5-ին կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, գնահատանքի արժանի է նաեւ Հայաստանի` ժողովրդավարական ուղիին հետեւելու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած շարունակական նուիրուածութիւնը։

Դեսպանատան ոչ-մեծ թիւով աշխատակիցներ դիտարկած են ընտրութիւնները՝ որպէս այցելուներ։ Ուրախ ենք արձանագրելու, որ ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ անցած են հանգիստ, խաղաղ մթնոլորտի մէջ եւ եղած են լաւ կազմակերպուած: Արդիւնքներու բազմազանութիւնը ընդգծեց ընտրութիւններու մրցակցային բնոյթը, Հայաստանի ժողովրդավարութեան տոկունութիւնը եւ տարիներու ընթացքին Հայաստանի գրանցած զգալի առաջընթացը։

Մեզի նաեւ հասած են ընդդիմադիր թեկնածուներու նկատմամբ ճնշումներու մասին հաղորդումներ։ Կը խրախուսենք իշխանութիւնները հետաքննել չարաշահումներու վերաբերեալ մեղադրանքները։ Մինչ մենք կ'աշխատինք կատարելագործելու մեր իսկ ժողովրդավարութիւնը, մենք կ'ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներու իր օրակարգին եւ կ'ակնկալենք ամրապնդել մեր երկկողմ կապերը՝ հիմնուած ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու վրայ»։