Ընդդիմադիր պատգամաւորներուն թոյլ չեն տուած մուտք գործել Արցախ

2022-04-12
Image

ՀՀ ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն թոյլ չէ տրուած մտնել Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջով տեղեկացուցած է ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Գրառման համաձայն՝ Արցախի խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումը կայացած է Աղաւնոյի անցակէտին մօտ:

Յիշեցնենք՝ այսօր խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չէր մասնակցած քառօրեայ նիստերուն՝ նշելով, որ պիտի մեկնին Հայաստանի սահմանամերձ մարզեր եւ Արցախի Հանրապետութիւն: Այս մասին ԱԺ նիստի ընթացքին յայտարարած էր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը: Ան եւ ընդդիմադիր միւս պատգամաւորները Արցախի դրօշը տեղադրած էին ԱԺ ամպիոնին եւ իրենց սեղաններուն: